2015-09-15 10:01:00

Իտալական Մանտաս քաղաքին մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս։


Իտալական Սարտինիայի Մանտաս քաղաքին մէջ Ճանապարհորդական գրականութեան միջացգային 9-րդ փառատօնի ծիրէն ներս  իրականացուելիք երկու տարբեր ձեռնարկներով պիտի յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:
ԸստArtsakhpress.am-ի՝ փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 25-ին իտալա-արաբական «Ասատաքահ» կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսով, որ կը կրէ «Լռութեան 100 տարին. Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» խորագիրը: Ներկայացուելիք լուսանկարներու հեղինակը Ռոմոլօ Էուգալիդդոն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները լուսանկարած է լրագրող Ալեսանտրօ Արամուի հետ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին։
Բացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, «Ասատաքահ»-ի Իտալիոյ գրասենեակի տնօրէն Ռայմոնտօ Շիաւոնէ, ինչպէս նաեւ Մանտասի քաղաքապետ Մարքօ Փիսանոն: Ցուցադրութենէն բացի, փառատօնի փակման արարողութեան ժամանակ` Սեպտեմբեր 27-ին, պիտի ներկայացուի Հայաստան կատարած այցի հիման վրայ ստեղծուած գիրքը, որ կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի. վերջին վերապրածներու իւրայատուկ պատմութիւնները» խորագիրը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի. վերջին ականատեսներու զարմանալի պատմութիւնը» գիրքը իտալախօս ընթերցողներուն կը պատմէ հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւին ու Թուրքիոյ մէկդարեայ ժխտման մասին: Աշխատութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներու պատմութիւններու կողքին կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւնը իր փաստական կողմերով: Գիրքին համահեղինակներն են իտալացի լրագրողներ Ալեսսանտրօ Արամուն, Ճիան Միքալեսսին եւ Աննա Մացոնէն: «Ասատաքահ» կեդրոնը լրագրողական առաքելութիւն իրականացուցած էր Հայաստան` պատրաստելու 20-րդ դարասկզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին մասին աշխատութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.